2013-08-23 12:51:10

Սուրիահայեր Արցախ Բնակեցնելու Հարցով`. Պաքու Կը Դիմէ ՄԱԿ-ին


Ափա լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին պաշտօնական նամակով մը դիմած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` խնդրելով, որ ան կտրուկ միջոցներու դիմէ, որպէսզի դադրեցուին Ազրպէյճանի «բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ Հայաստանի ապօրինի գործողութիւնները»:
«Հայաստանը, օգտագործելով զինադադարը կը շարունակէ ջանքեր ի գործ դնել` Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ ժողովրդագրական, մշակութային ու ֆիզիքական բնոյթի ապօրինի փոփոխութիւններ իրականացնելու: Հոն բնակավայրեր կը կառուցուին, օդակայանը կը վերանորոգուի, բնակելի թաղամասեր կը հիմնուին, ճամբաներ կը կառուցուին, ապօրինի կերպով կը փոխուին աշխարհագրական անունները եւ այլն», գրուած է նամակին մէջ:
Մամետեարով իր նամակին մէջ յատկապէս կը նշէ, թէ Հայաստան կը շարունակէ իր «ապօրինի քաղաքականութիւնը»` Սուրիայէն հայեր վերաբնակեցնելով «Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ»:
Միւս կողմէ, պատասխանելով սուրիահայերուն ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուող դրամահաւաքներուն մասին Պաքուի իշխանութեանց հարցումին` Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ ամերիկեան խումբերը, որոնք դրամահաւաք կը կազմակերպեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր վերաբնակեցնելու նպատակին համար, կապուած չեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ անոր քաղաքականութեան հետ:
Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներուն, Արցախի մէջ սուրիահայեր վերաբնակեցնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ցարդ հաւաքուած է 1.3 միլիոն տոլար:
«Գիտենք, որ հազարաւոր մարդիկ ստիպուած լքած են Սուրիան եւ որոշ սուրիահայեր եկած են Հայաստան: Մենք ծանօթ ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր հաստատելու մասին տարածուած տեղեկատուութեան, սակայն մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք այդ մասին», գրուած է դեսպանատան մամլոյ ծառայութեան նամակին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.